2017-02-08 10:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդածութիւնը` ''Յոյսը աղբիւր փոխադարձ մխիթարութեան ու խաղաղութեան''


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 8 փետրուար 2017-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու շարունակելով քրիստոնէական յոյսի մասին իր խորհրդածութիւնները անդրադարձաւ ''Յոյսը աղբիւր փոխադարձ մխիթարութեան ու խաղաղութեան'' նիւթին, ներշնչում քաղելով Պօղոս Առաքեալի թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած առաջին նամակէն (Ա Թեսաղ. 5, 14-18)

Կը յորդորե՛նք ձեզ, եղբայրնե՛ր, խրատեցէ՛ք անկարգները, սփոփեցէ՛ք թուլասիրտները, ձեռնտո՛ւ եղէք տկարներուն, համբերատա՛ր եղէք բոլորին հանդէպ: 15Զգուշացէ՛ք, ո՛չ մէկը չարիքի փոխարէն չարիք հատուցանէ ոեւէ մէկուն. հապա՝ ամէն ատեն հետամո՛ւտ եղէք բարիին, թէ՛ ձեր միջեւ, թէ՛ բոլորին հանդէպ: 16 Ամէն ատեն ուրա՛խ եղէք: 17 Անդադար աղօթեցէ՛ք: 18 Ամէն բանի մէջ շնորհակա՛լ եղէք, որովհետեւ ա՛յս է Աստուծոյ կամքը ձեզի հանդէպ՝ Քրիստոս Յիսուսով: 

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու ակնարկելով անցեալ շաբթուայ մտածականին ուր խօսուեցաւ Պօղոս առաքեալի Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած հրաւէրի մասին` արմատացած մնալու Յարութեան Յոյսին մէջ, ինչպէս նաեւ այն իրականութեան մասին թէ քրիստոնէական յոյսը չունի միայն անձնական ծաւալ այլ հասարակական ու եկեղեցական շունչ։

Ասոր համար է որ առաքեալը հրաւէր կ՛ուղղէ աղօթելու մէկը միւսին համար եւ իրարու թիկունք կանգնելու` սկսեալ անոնցմէ որոնց վստահուած է հովուական ծառայութիւնը։ Անոնք արդարեւ առաջիններ են որոնք յոյս պէտք է ներշնչեն իրենց ստացած  աստուածային պարգեւին զօրութեամբ, ըսաւ նորին Սրբութիւնը, անոնց հետեւցնելով բոլոր այն եղբայրները որոնք յոյսը կորսնցնելու վտանգի մէջ կը գտնուին, յուսալքուածները, տկարները, կեանքի բեռին ծանրութեան տակ գտնուողները...այս պարագաներուն, համայն Եկեղեցւոյ սէրն ու գուրգուրանքը աւելիով պէտք է զգալի դառնայ` մխիթարութեան, սփոփանքի ու կարեկցութեան արտայայտութիւններով։

Քրիստոնէական յոյսը չի կրնար զանց ընել շօշափելի եղբայրսիրութիւնը, դիտել տուաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Սուրբ Պօղոսի Հռոմէացիներուն ուղղած նամակին որուն մէջ Ան կը թելադրէ ''Ուստի մենք, որ զօրաւոր ենք, պարտաւոր ենք կրել տկարներուն տկարութիւնը, եւ ո՛չ թէ հաճեցնել մենք մեզ''։

Այս վկայութիւնը կոչ մըն է կառուցելու կամուրջներ եւ ոչ թէ ցանկապատեր, չարը չարով չի փոխարինել, այլ զայն յաղթահարել բարիքով, անարգանքը ներումով, ու ապրիլ բոլորին հետ խաղաղութեամբ։ Այս է եկեղեցին եւ այս է Քրիստոնէական յոյսը ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ յոյսը ''առանձնական'' ջանքերով չի կարելի։ Ան կարիքը ունի մարմնի մը որուն բոլոր անդամները իրարու թիկունք կը կանգնին փոխադարձաբար։ Յուսալ կը նշանակէ թէ մեր բազմաթիւ եղբայրներն ու քոյրերը մեզի սորվեցուցին յոյսը ու ջանացին վառ պահել մեր յոյսի նշոյլները։

Քրիստոնէական յոյսին համար այդ մարմինը Եկեղեցին է մինչ անոր կենսական շունչը Սուրբ Հոգին է. Ասոր համար է որ Սուրբ Պօղոս մեզ կը հրաւիրէ յարատեւ դիմելու Անոր։

Եթէ դիւրին չէ հաւատալ նոյնքան ալ դժուար է յուսալը, սակայն երբ Սուրբ Հոգին մեր սրտերուն մէջ կը բնակի, Ան մեզի կը հասկցնէ թէ պէտք չէ վախնանք, թէ Տէրը մեր մօտ է ու մեզի կը հոգայ. Ան է որ կը կաղապարէ մեր հասարակութիւնները որպէս մշտնջենաւոր Պենտեկոստէ մը, որպէս համայն մարդկութեան համար յոյսի ողջ նշաններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.